2012-03-20 12:38:03

<< Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթի>> ձեռնարկը Կը Հասնի Իտալիոյ Բալէրմօ Քաղաք


Երեքշաբթի 20 մարտի առաւօտեան ժամը 11.30 Վատիկանի Մամլոյ գրասենաեկի մէջ տեղի ունեցած Մամլոյ Ասուլիսի ընթացքին ներկայացուեցաւ << Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթի>> ձեռնարկի Իտալիոյ Բալէրմօ Քաղաքի մէջ կայանալիք հանգրուանը որ կազմակերպուած է Քահանայապետական մշակոյթի Խորհուրդի նախաձեռնութեանբ որպէս կէտնապատակ ունենալով հաստատել երկխօսութիւնը ընդմէջ հաւատացեալներուն եւ ոչ հաւատացեալներուն միասնաբար զրուցելով այսօրուայ աշխարհը յուզող հարցադրանքներու մասին։
<< Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթի>> ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ Բալէրմօյի մէջ 29 եւ 30 մարտ 2012ին եւ ունի որպէս նիւթ <<Օրինականութեան մշակոյթը եւ բազմազան կրօնական հասարակութիւն>>։ Մամլոյ Ասուլիսին ելոյթ ունեցան ի մէջ այլոց Քահանայապետական մշակոյթի Խորհուրդի Նախագահ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին` հաւաքը համադրող Աջիրէալէի Եպիսկոպոս գերապայծառ Անթոնիօ Ռասբանդին եւ Մաֆիայի դէմ պայքարի Իտալիոյ Ազգային Դատախազի տեղակալ Ճուսդօ Շաքքիթանոն։
Նշենք որ << Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթի>> ձեռնարկի կեդրոնական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 30ին Բալէրմօյի Մայր Տաճարին մէջ մանկացութեամբ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիի` Մաֆիայի դէմ պայքարի Իտալիոյ Ազգային Դատախազ Բիէթրօ Կրասսօյի եւ Բալէրմոյի Արքեպիսկոպոս Բաօլօ Րոմէօյի։ Բաց հաւաքին ընթացքին պիտի խօսուի երկխօսութեան եւ Օրինականութեան մասին։
Յայտնենք որ << Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթի>> ձեռնարկը մինչեւ օրս հանգրուան կատարած է Իտալիոյ Պոլոնիա` ֆիրէնցէ եւ Հռոմ քաղաքները ու նաեւ Բարիզ` Պուքարէսթ եւ Թիրանա։








All the contents on this site are copyrighted ©.